«Հայ կին»․ Կնոջ դիրքը Արդի արուեստական կեանքին մէջ

Home / «Հայ կին»․ Կնոջ դիրքը Արդի արուեստական կեանքին մէջ

«Հայ կին»․ Կնոջ դիրքը Արդի արուեստական կեանքին մէջ

«Հայ կին»․ Կնոջ դիրքը Արդի արուեստական  կեանքին մէջ

$0

Campaign Target

0

Donations
Donated
0% $0 to go
Մէծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են վերջին քանի մը տարիներու միջոցին աշխարհի աշխատութեան կնոջական մասնակցութեան մասին․ կիներ ամենուրեք և մեծ թիւով կը մտնեն արուստի կեանքի մէջ և ազդած են շատ կերպերով աշխատանքի հարցերու վրայ․ այս փոփոխութիւնները դեռ կը շարունակեն եւ այնքան արագութեամբ որ մենք կը հաւնինք շուտով այն կէտին, երբ այլեւս գործի թեկնածուէ մը պիտի չհարցուի սեռը, այլ պարզապէս ընդունակութիւնը։
Այս փոփոխութիւնները այնքան արագ կը թւին մարդոց որ ըստ տիրող ընդհ սպաւորութեան շարժումը պատմականօրէն նոր է, սակայն իրողութիւնը այնպէս չէ․ նոյն երեւոյթը կ’երեւի ուրեք ուրեք դարերու ընթացքին մէջ։ Դելփեան քրմուհիներուն քաղաքական զօրութիւն է․ էն մինչեւ Ե դար (Ն․ Ք․) աւելի մեծ էր քան ո և է ուրիշ քաղաքական զորութիւն Յունաստանի մէջ․ թագաւորութեանց բարձրացումն ու անկում, օրէնքներու հաստատութիւնը, մարդոց ժողովրդական դիրքը, այս ամէնքի կ’ըսեմ, կը ձեւակերպուէին Դելփեան քրմուհիներուն պատգամէն։
Պղատոն իր Հասարակապետութիւն երկին մէջ, գրուած Աթեէնք Քրիստոսէ առաջ Դ․ դարուն, կը լուսաբանէ այս կէտը իր քանի մը յաջող թագուհիներով որոնց աննունները անշուշտ ընտանի են Ձեզի։
Թէեւ, ինչպէս ըսուեցաւ ի վերեւ, շարժումը նոր չէ, այլ երեւցած է մերթ ընդ մերթ անցեալ պատմութեան մէջ այսօր ընդհակառակն ապացեյց ունինք հաւատալու որ մարդուն և կնոջ քաղաքացիութեան հաւասարութիւնը մնայուն հանգամանք պիտի ստանայ։
Եւ ի՞նչ պատճառ ունինք այս յայտարարութիւնը ընելու։ Թաստըէ ընկերութեան երեւութապէս այս նոր կացութեան տեւականութեան մասին հիմնուած է սա իրողութեան վրայ թե՝ կիներու յատուկ գոլէճնեը և ուրիշ բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններ տեւական հանգամանք ունին։ Արդի շարժումը սկսաւ դաստիարակութեան հետ և այժմ՝ ընկերական շարժումներուն հետ որոնց հիմ ծառայած է դաստիարակութիւնը որ տարուէ տարի վերջին կէս դարուն մէջ աճած է տարածութեամբ և և զօրութեամբ։ Կիները այժմ ամենուրեք կ’ընտրեն արուեստները և ինչպես սովորական է հարցնել երիտասարդի մը թե՝ ինչ կ’ուզէ ըլլալ․ գրեէէ նոյնքան սովորական է ընել միեւնոյն հարցումը պարմանուհիի մը։
Ըստ որում կիները ամէն տեղ հետամուն են զբաղելու ընդհ․ գործերով, շատ կարեւոր է որ անոնք ընտրեն այնպիսի զբաղումներ, որ իրենք ընծայեն պատեհութիւն՝ յառաջանալու։ Եթէ կին մը կը փափաքի մտնել գործի ասպարէզի մէջ, պարտի ինքզինքը ատակ ընել, տիրանալու տնտեսական լաւագոյն պայմաններու, կամ եթէ գրագիր է վաճառական տան մը մեջ մտնել, կը գոհանայ հայանօրէն սղագրութեամբ կամ դրագրութեամբ և կամ բանով մը որ իրեն բանւ պիտի չընծայէ մեծ ապագայ մը, այլ միշտ պիտի տայ անոր երկրորդական տեղ մը. այլ մինչդեռ գործի ասպարէզենմէջ ընտրելու է բան մը որ չափազանց զարգանալու հաւանականութիւնը ունի, զոր օրինակ երկրագործական և սեղանաւորական գործեր:
Երկրագործութիւնը և ամէն տեսակ զբաղումներ կ’ընծայեն միջոց տնտեսական լաւագոյն պայմաններու տիրացման: Երկրագործութիւնը մասնաւորաբար պէտք մըն է Թուրքիոյ մէջ, որ Փոքր-Ասիոյ և ուրիշ մասերու արգաւանդ դաշտեր պէտք եղածին պէս մշակուած չեն. յարմար կրթութիւնն ուուսումնասիրութիւնը պիտի տան անհաշուելի, ճոխ արդիւնքներ, արտադրելով բուսեղէններ, պտուղներ, արմատիքեր և երջանիկ բնակարաններ երկրին մեջ:
Գրական, օրէնսգիտական, բժշկական և ԱստուածաբանակՆ արուեստներու մէջ կիները արդէն կաեւոր բաժին մ’ունին շատ երկրներու մէջ, բայց իրենք պարտին պատրաստուիլ ասոնց մէջ ալ աւելի յառաջ երթալու: Իրենք ուսուցչութեան մէջ արդէն միշտ յաջող եղած են. բայց այժմ առաջու ընէ ավելի մեծ յառաջդիմութիւն կը գործեն։ Եթէ կին մը պիտի անցընէ քանի մը տարի, հրահանգուելու արուեստի մը մէջ, ստուգիւ շատ փափաքելի է որ ինքը ընտրէ այնպիսի արուեստ մը որ իրեն կը խոստանայ փայլուն ապագայ մը և ոչ թէ ուրիշ ը որ զինքը պիտի պահէ միշտ երկրորդական դիրքի մէջ։
Մեծ հարց մը՝ որ կիներու արուեստական աշխատութեան հետ աղերս ունի, տան կենսական խնդիրն է, շատ մարդիկ կը հարցնեն․ «Եթէ կիները այրերու պէս պիտի հետեւին հաւասարապէս արուեստներու, ի՞նչ պիտի ըլլան տունը և տղոց խնամքը»։ Տունը՝ ամենակենսական բանն է ընկերոթեան մէջ։ Ազգ մը կը կործանի անխուսափելիօրէն առանց տան նուիրականութեան՝ ընկերական զարգացման գործին մէջ։ Այս էր մեծ առարկութիւնը Պղատոնի ծայրահեղ ծրագրին դէմ որ կ’անտեսէր տան պահանջը։ Քրիստոնէական կրօնքը կը շեշտէ տան պահանջը իբրեւ առաջին բանը նկատի առնուելու ընկերական և ազգային կեանքին մէջ և անոր նուիրականութիւնը իբրեւ անբռնաբարելի։
Ուրեմն ի՞նչպես կիները կրնան ազատօրէն մտնել արուեստական կեանքի մէջ և միեւնոյն ժամանակ պահել ընտանեկան կեանքին գեղեցկութիւնն ու ներդաշնակութիւնը։ Այս խնդիրը կրնայ իր լուծումը գտնել, ապահովելով մեծագոյն զարգացում ուրիշ նոր ղրաղումներու մէջ տնտեսական և առողջապահական նոր պայմաններու միջոցաւ։ Ներկայիս՝ շատ կիներ, նոյն իսկ բաղդատաբար հարուստ դասակարգէն, իրենց ժամանակը կ’անցնեն կատարելով այնպիսի բաներ զորս շատ քիչ դաստիարակեալ մայր մը կամ կին կրնար կատարել։ Եթէ «»աշխատութեան տեսակներ աւելի որոշ կերպով սահմանուած ըլլային և աշխատաւորներու դասակարգեներ լրացնէին ընկերական պահանջներէն մասնաւոր մէկ պէտքը, մօր և կնոջ ժամանակը կրնար տնտեսապէս լաւագոյն կերպով գործածուիլ այս քաջ պիտի պատշաճէր մանկատածութեան գործին ալ։ Դժուար է մօր մը ջիղերուն համար ամբողջ ցերեկ ու գիշեր մանուկներուն հետ ըլլալ։ Եթէ վստահելի ուսուցիչներ, մասնաւոր մէթոտներով մարզուած․ գործածուէին, զբաղելու որոշ տարիք ունեցող տղոց հետ, մայրը մասամբ մը ազատ ժամանակ կ’ունենար։ Կան նաև տուն կառավարելու մասին գործակցական մեծ ծրագիրներ որոնք կը գործադրուին աշխարհի քանի մը մասերուն, մասնաւորաբար այն քաղաքներուն մէջ, որ շատ մարդիկ կ’ապրին ի միասին իրարու մօտ․ պարագայ մը որ հեշտ և դիւրին կ’ընէ տան կառավարութիւնը։
Ճշմարիտ է նաև որ տան ներդաշնակութիւնը և գեղեցիկ մթնոլորտը կախում ունին ոչ միայն մօրմէն, այլ և հօրմէն, քանի՜ քաղցր մանկական յիշատակներ պահած ենք մեր հայերուն ընկերակցութենէն մէզի հետ և թէ ինչ մեծ նշանակութիւն ունի հօր ներկայութիւնը և ազդեցութիւնը ամբողջ ընտանիքին համար տան մէջ։ Անգամ մը ներկայ եղայ կրթական համաժողովի մը, ուր կարգ մը ատենախօսներ ակնարկեցին տան սպառնացող վտանգին որ յառաջ պիտի գար կիներուն բարձրագոյն կրթութենէն, պատճառաբանելով թէ՝ կրթութիւնը պարտ էր նախապատրաստութիւն մը ըլլալ մօր ազդեցութեան տան մէջ․ վերջապէս ատենախօս ,ը այս ժողովին մէջ ոտքի ելելով ըսաւ․ «Ինչու՞ համար ոչինչ կը լսեմ հօր-ը ազդեցութեան մասին տան մէջ․ կը լսեմ բազմաթիւ աղջիկներ մօր ազդեցութեան մասին, բայց և ոչ մէկ բառ հօր վրայ․ «Երկուքին պատասխանատուութիւնները, ըսաւ, հաւասար են, յառաջ բերելու ներդաշնակութիւն և երջանկութիւն տան մէջ»։
Մեծ դժուարութիւններ՝ որոնք կը նեղեն կիները իրենց արուեստական կեանքին մէջ, յառաջ կու գան իրենց տկարութենէն և ցաւի ենթակայութենէն․ ներկայ ժամանակի առողջապահական յառաջադիմութիւնը աստիճանաբար կը բարւոքէ այդ վիճակը․ կիներուն տկարութիւնը մեժապէս արդիւնք է կեանքի գէշ ունակութիւններուն, մարմնոյ զանազան մասերուն կաշկանդումին․ նստողական զբաղումներուն և մարմնական մարզանքներու պակասութեան․ տկարութիւն և ցաւ բնութեան ժառանգութիւնը չեն, այլ արդիւնքները սխալ քաղաքակրթութեան և կրնան վերնալ շնորհիւ առողջապահական կատարեալ պայմաններու։
Ժամանակաւ կարդացի պամութիւն կը երկուորեակներու, մին մանչ, միուսը՝ աղջիկ։ Պպատմութիւնը կը նկարագրէր այն տարբերութիւնը որով անոնք կը կրուէին, երբ մանչը իյնար և վնասուէր, մայրը կ’ըսէր․ «Հոգ մի՛ ըներ, բան մը չէ, ցատկէ և վազէ, մի՛ պոռար, մարդուն չի վայլեր պոռալ»։ Երբ նոյն բանը պատահէր աղջկան, ան կը փայփայուէր, կը մխիթարուէր։ Մէթոտի և վարուելակերպի տարբերութիւնը շարունակեց իրենց ամբողջ կրթութեան միջոցին, մանչը գրկուեցաւ ուրիշ տղոց հետ դպրոց և ապա՝ գոլեճ․ ստիպեալ՝ ինքն իրեն վրայ մտածելու․ աղջիկը տուած էր ինքզինքը գլխաւորաբար նստողական աշխատանքի, կարելու, դաշնակահարութեան, ևլն։ Աղջիկը ամուսնանալու տարիքին մէջ ամուսնացաւ հարուստ մարդու մը հետ, մինչդեռ մանչը դեռ նոր կը սկսէր իր արուեստի կեանքը․ քանի մը տարի վերջ ամուսինը մեռաւ, ձգելով իր կինը առանց դրամի․ կինը տակաւին դեռատի էր․ քսան և հինգ տարեկան, բայց չկար բան մը զոր կարենար ընել․ երբեք սորված չէր խորհիլ,երբեք սորված չէր գործել․ իր ջիղերը, ինչպէս և իր խորհելու կարողոյթիւնը մարզուած չէին․ այս անշուշտ անսովոր պարագայ մըն է, բայց կը լուսաբանէ տարբերութիւնը մեթոտներուն որոնք տակաւին ի գործ կը դրուին աղջիկներու և մանչերու կրթութեան մէջ։
Տան հարցը կիներուն արուեստի կեանքի խնդրոյն մէջ ամէնէն դժուար խնդիրն է և պէտք է որ ուսումնասիրուի ընկերական զարգացումի մասնագէտներէ․ բաց աստի կան հարւարաւոր կիներ որոնք չեն ամուսնանար և ազատ են տան զբաղումներէ զատ ուրիշ գործերով պարապելու։ Կնոջական դիրքին փոփոխութիւնը արուեստի կեանքին մէջ ամէն տեղ ուշագրաւ կը դառնայ, և Այգլիոյ, Ամերիկայի և աշխարհի ուրիշ գլխաւոր ազգերու օրէնսդրութիւնը ցոյց կուտայ որոշ յառաջադիմութիւն մը այս մասին։ Երբեմն մարդիկ Արեւելքի մէջ կը խորհէին թե՝ Արեւելքը ծանրաշարժը է մասնաւորաբար նոր գաղափարներ ստանալու մէջ, բայց իրողութիւնը այս չէ․ Արեւելքը պատրաստ է այժմ ընդունելու նոր քաղաքակրթութիւն մը և աւելի դիւրին է իրեն համար որդեգրել նոր քաղաքակրթութիւն մը ամբողջութեամբ քան Արեւմուքի ընկերական պայմանները աւելի հաստատուն հանգամանք ունին քան Արեւելքի այն շրջանակներուն մէջ, ուր գաղափարները կը փոխուին և շատ մարդին Արեւելքի մէջ Արեւմուտքի մարդերէն աւելի դիւրութեամբ պիտի փոխէին խորհելու իրենց ամբողջ դրութիւնը նկատմամբ խնդրոյն զոր կը քննենք։ Արեւելքը որոշ իմաստով մը կ’ընծայէ նոր գետին․ զորօրինակ Չինաստանի մէջ՝ որ ունի ամենահին քաղաքակրթութիւնը աշխարհի մէջ, առաջարկուած է կիներուն քուէարկելու իրաւունքը։
Կիներու քուէ տալու օրինագիծ մը վերջերս ներկայացուեցաւ պարսկական խորհրդարանին, և թէև մերժուեցաւ, երկրորդ անգամին կընայ ընդունուիլ․ Սիամ ընդունուած է վերջերս սահմանադրութիւն մը որ կիներուն կու տայ քուէ թաղապետական ընտրութեան մէջ, կիներուն յառաջադիմութիւնը նշանակելի է նոյնիսկ քանի մը երկիրներու մէջ, ու մարդ ամէնէն քիչ կակնկալէ։ Կիներուն քուէարկելու իրաւունքին տիրացումը սերիւ կապուած է տնտեսական յառաջադիմութեան հետ և երկու շարժումները կը հայազդեն իրարու վրայ։ Բոլոր երկիրներու մէջ ուրիշ տասնռակ մը (տարիներու) պիտի տեսնէ նշանաւոր յառաջադիմութիւն մը ի մասին լուծման այն հարցերուն որոնք կապակցութիւն ունին կնոջ դիրքին հետ տնտեսական և հանրային կեանքին մէջ։
Մ․ Մ․ ԲԱԹՐԻՔ.

Leave a Reply

Your email address will not be published.